2011-10-09 10:30:06

Հարց Կ'ուղղեմ Թուրքերուն` Եթէ Ատիկա Ցեղասպանութիւն Չէ, Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Ոչնչացում Չէ, Ուրեմն Ի՞նչ Է. Շառլ Ազնաւուր


Աշխարհահռչակ շանսոնյէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր բացառիկ հարցազրոյց տուած է Nouvelles d'Armռnie ամսագիրին, խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած լուրջ խնդիրներու մասին:
Պատասխանելով օրեր առաջ Vivement Dimanche հեռուստահաղորդման ժամանակ Ցեղասպանութիւն եզրոյթը այլ բառով մը փոխարինելու վերաբերեալ իր ըսած խօսքերուն առնչութեամբ Nouvelles d'Armռnie ամսագիրի հարցին` Շառլ Ազնաւուր ըսած է.
“Արդէն սկսած եմ ձանձրանալ: Այդպէս յաջողութեան չենք կրնար, երբեք չենք կրնար հասնիլ: Մեր թշնամիները իրենք զիրենք փրկելու համար կը սպասեն այն մարդոց մահուան, որոնք դեռ իրենց յիշողութիւններուն մէջ կը կրեն ատիկա: Ո՞ր երկիրը ինքզինք զոհաբերելով կը պաշտպանէ մեզի: Ոչ մէկը: Ֆրանսան ինչ որ պիտի ճանչնար, ճանչցած է, աւելի առաջ չերթար: Ոչ մէկ երկիր մեզի պիտի չաջակցի: Երբեք:
Հարցազրոյցի ընթացքին Ազնաւուր դիմած է թուրքերուն եւ կոչ ուղղած անոնց, որ եթէ չեն փափաքիր 1915ի իրադարձութիւններուն Ցեղասպանութիւն որակումը տալ՝ գոնէ թող ընդունին, որ տեղի ունեցած են հայկական ջարդեր:
“Հիմա հարց պիտի ուղղեմ թուրքերուն` եթէ ատիկա Ցեղասպանութիւն չէ, ամբողջ ժողովուրդի մը ոչնչացում չէ, ուրեմն ի՞նչ է: Ողջ այս ընթացքին ի՞նչ անուանում տուած էք այդ երեւոյթին: Ինչպէ՞ս բնութագրած է այդ իրավիճակը անձամբ Աթաթուրքը: Ուզածս հետեւեալն է` նախքան Ցեղասպանութեան եզրոյթի տարածուիլը՝ ինչպէ՞ս որակած են այդ իրադարձութիւնը` կոտորա՞ծ, հայերու կոտորա՞ծ: Եթէ չէք փափաքիր օգտագործել Ցեղասպանութիւն եզրոյթը, գոնէ ընդունեցէք` ատիկա կոտորած է: Իսկ եթէ հնարաւոր ըլլայ հասնիլ անոնր, կը կարծեմ` մեծ տարածութիւն յաղթահարած պիտի ըլլանք”,– ըսած է Շառլ Ազնաւուր:








All the contents on this site are copyrighted ©.